2015-11-05 08:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած Թիրանայի` ''Global Christian Forum'' հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղած է` Քրիստոնեաներու միութեան Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ`  Կարդինալ Քիւրդ Քոխին որ կը գտնուի Թիրանա` իր մասնակցութիւնը բերելու Ալպանիայի մայրաքաղաքին մէջ 2 – 4 նոյեմբերին կայացած '' Global Christian Forum` խտրականութիւն, հալածանք եւ նահատակութիւն.Քրիստոսին հետեւիլ միասնաբար'' վերտառութեամբ քրիստոնէական համընդհանուր համաժողովին։

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ժողովականներուն  փոխանցեց իր ողջոյնը ու յատկապէս քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու եղբայրակիցներուն որոնք կը ներկայացնեն այն ''հասարակութիւնները որոնք կը տառապին իրենց Մեր Փրկչին ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքին համար''։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կը մտաբերէ աճող խտրականութիւնը եւ հալածանքը Միջին Արեւելքի, Ափրիկեան ու Ասիական ցամաքամասերու, ինչպէս նաեւ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ ու դիտել կու տայ թէ այս հաւաքը ցոյց կու տայ թէ` որպէս Քրիստոնեաներ, անտարբեր չենք մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն տառապանքին։

''Աշխարհի զանազան վայրերու մէջ Քրիստոսի վկայութիւնը, անգամներ արեան զեղումով, դարձած է կաթողիկէներու, օրթոտոքսներու անկլիքաններու եւ բողոքականներու միասնական փորձառութիւն'' գրեց Ֆրանչիկսոս Պապը  մատնանշելով ''նահատակութեան հաղորդութեան'' որ է ''ամենայստակ նշանը մեր միասնական ուղեւորութեան''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց ապա թէ այս հաւաքը միաժամանակ ձայն կը հանդիսանայ այն բոլոր անարդարութիւններուն եւ բռնութիւններուն զոհերուն ու պիտի փորձէ ի յայտ դնել մարդկային ընտանիքին այս ողբերգական կացութենէն դուրս առաջնորդող ճանապարհը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ յայտնեց իր հոգեւոր մօտիկութիւնը եւ հայցեց` բոլոր Քրիստոնեայ դաւանանքներուն պատկան նահատակներու բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնեն մեզ հասկնալու թէ բոլոր մկրտեալները մաս են միեւնոյն Քրիստոսի Մարմին, Անոր Եկեղեցւոյ։

Քահանայապետը պատգամը եզրափակեց գրելով` ''Թող այս ճշմարտութիւնը նկատենք որպէս կոչ շարունակելու մեր Էքումենիք ուղեւորութիւնը դէպի տեսանելի եւ լիակատար միութիւն, աճելով միշտ սիրոյ եւ իրար հասկացողութեան մէջ'' ։

Տուեալ ի Վատիկան 1 նոյեմբեր 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.